Կյանքն աստվածատուր պարգև է. հարկ է ապրել Աստծո պատվիրանների նկատմամբ հավատարմությամբ․ Արամ Ա
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի:
Նորին Սրբութիւնը օրուան իր պատգամը կեդրոնացուց Քրիստոսի խօսքին վրայ. «ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 14.6): Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրեց հաւատացեալները իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու կեանքի ճշմարիտ հասկացողութեան վրայ: Ան ըսաւ, որ կեանքը, բանական ու ոչ-բանական իմաստով, Աստուծոյ պարգեւն է մարդուն: Հետեւաբար, զայն պէտք է ապրիլ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ հաւատարմութեամբ: Մարդկային կեանքին առանցքն ու նպատատը պէտք է դառնայ Աստուած ի՛նք. առանց Աստուծոյ կերպարանափոխիչ ներկայութեան, մարդուն կեանքը կը կորսնցնէ իր նկարագիրը ու նպատակը, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:
Նոյն երեկոյեան, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, որ Փրաւիտընսի մէջ բնակութիւն հաստատած հայորդիները համախմբեց հայոց Հայրապետին շուրջ:
Ճաշկերոյթին հանդիսավարն էր Յակոբ Խաչատուրեան: Հերթաբար խօսք առին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեան, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Աթթարեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Նազարեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան։ Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ, յանուն թեմի կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն, որդիական խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Հայրապետին, որ Միջին Արեւելքի այս տագնապալի շրջանին, յաղթահարելով ամէն տեսակի դժուարութիւն, յաջողցուց հովուապետական իր այցելութիւնը՝ ապացուցելով, որ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա ու Ամերիկա տարածուող Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանին վայելող թեմերը կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն եւ մէկ հօտ: Ըստ այնմ, որպէս անձնդիր հովուապետ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական խնամքը անսակարկ կերպով կը տարածէ բոլորին վրայ, միշտ առաջնորդուելով երկնաւոր Հովիւին օրինակով՝ սիրով եւ զոհողութեամբ: Սրբազան հայրը խտացնելով իր մտածումները յայտնեց, թէ բոլորս եկած ենք վայելելու Նորին Սրբութեան իմաստութիւնը եւ հարստացնելու մեր կեանքը՝ իր հայրական պատգամներով ու թելադրանքներով եւ ապա բեմ հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը ուղղելու համար իր հայրապետական ու հայրական օրհնութեան խօսքը։
Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ երկու գլխաւոր գաղափարներու: ԱՆ շեշտեց, թէ մենք համայնք ենք արժէքներու, սկզբունքներու եւ իտէալներու շուրջ համախմբուած, միաժամանակ մենք ընտանիք ենք, որ զանազան պատասխանատուութիւններով լծուած է ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան: Նորին Սրբութիւնը յատուկ կերպով գնահատեց երիտասարդներու մասնակցութիւնը Փրաւիտընսի հայ համայնքի կեանքին մէջ:
Ճաշկերոյթի գեղարուեստական բաժնին մաս կազմեցին նաեւ այն երիտասարդները, որոնք քանի մը տարի առաջ մասնակցեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած Երիտասարդական Ամառնային Դասընթացքներուն:
Յայտնենք, որ ճաշկերոյթի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց համայնքի կեանքին մէջ տարիներու ծառայութիւն մատուցած Մակի Նալպանտեանը եւ «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով՝ Յակոբ Խաչատուրեանը:
«Կիլիկիա» օրհներգով, «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգով եւ Հայրապետին օրհնութեամբ ճաշկերոյթը հասաւ իր աւարտին: